2014-03-11 10:43:36

Հայաստանի ԱԳՆ դիրքորոշումը` Ուքրանական ճգնաժամի վերաբերեալ


Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր խօսնակի միջոցով յայտնած է ցաւակցութիւն Ուքրանիոյ եւ Ուքրանացի ժողովուրդին. Այս մասին՝ ըստ Սիվիլնեթի՝ Մարտ 10-ին Երեւանի մէջ յայտարարած է Էդուարդ Նալպանտեան Սերպիոյ արտաքին գործոց նախարար Իւան Մրկիչի հետ համատեղ ասուլիսի ընթացքին` պատասխանելով Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող զարգացումներուն նկատմամբ Հայաստանի դիրքորոշման վերաբերեալ հարցին եւ այն նկատառումին, որ Հայաստանի կողմէ գրառում չէ կատարուած Ուքրանիոյ դեսպանատան մէջ բացուած սգոյ մատեանին մէջ:
«Կարծում եմ, դրանք անտեղի եւ անիմաստ շահարկումներ են, որովհետեւ Արտաքին գործերի նախարարութիւնը իր խօսնակի միջոցով յայտնել է ցաւակցութիւն Ուքրաինային, Ուքրաինայի ժողովրդին: Դա եղել է այդ սգոյ մատեանի բացումից մէկ-երկու օր առաջ: Սգոյ մատեանի բացման կապակցութեամբ արտգործնախարարութիւնը նոթա է ստացել Երեւանում Ուկրաինայի դեսպանութիւնից, որը մուտքագրուել է Փետրուար 24-ին` սգոյ մատեանը մատեանի բացման յաջորդ օրը: Նոյն օրը Ուքրաինայի դեսպանի հետ հեռախօսազրոյց է ունեցել արտգործնախարարութեան ներկայացուցիչը, եւ դեսպանն ըմբռնումով է մօտեցել` այդ յայտագիրը իրօք ուշացումով է ստացուել»,- ըսած է Նալպանտեան` աւելցնելով, որ Ուքրանիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններու առնչութեամբ Հայաստանի մօտեցումները արտայայտուած են «ամենաբարձր մակարդակով` Հանրապետութեան նախագահը խօսած է ատոր մասին»:
ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը յոյս յայտնած է, որ կը ձեռնարկուին բոլոր հնարաւոր քայլերը, որպէսզի «իրաւական դաշտին մէջ խաղաղ ճանապարհով լուծումներ գտնուին, որոնք կը նպաստեն լարուածութեան նուազման եւ կուտակուած հարցերու լուծման»:
Անդրադառնալով այն հարցին, թէ արդեօք քննարկուած է Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան ձեւաչափին մէջ ուքրանական ճգնաժամը, եւ եթէ քննարկուի, ապա Հայաստանը ինչ դիրքորոշում պիտի որդեգրէ, Նալպանտեան պատասխանած է, որ «ընդհանրապէս չի սիրեր «եթէ»-ներով խօսիլ»:
«Ի հարկէ, բնական է, որ ՀԱՊԿ շրջանակներում քննարկւում են բազմաթիւ հարցեր, որովհետեւ այդ շրջանակում արտաքին քաղաքականութեանը կոորդինացնելու (համակարգելու) վերաբերեալ պայմանաւորուածութիւն կայ: Երբ որ այդպիսի քննարկումներ լինեն, այդ ժամանակ կը տեսնենք` ինչպիսի զարգացումներ կը լինեն, եւ համապատասխան ինչպիսի դիրքորոշումներ կ’արտայայտուեն»,- ըսած է ՀՀ արտաքին գործոց նախարարը:
Ուքրանիոյ Գերագոյն ռատան Փետրուար 22-ին որոշում ընդունեց Մայիս 25-ին արտահերթ նախագահական ընտրութիւններ իրականացնելու մասին` Եանուքովիչին պաշտօնանկ ընելով սահմանադրական պարտականութիւններու կատարումէն: Ինքը` Եանուքովիչը, կը յայտարարէ, որ կը շարունակէ մնալ օրէնքով ընտրուած նախագահ:
Գերագոյն ռատայի Փետրուար 23-ի որոշումով նախագահի ժամանակաւոր պաշտօնակատար նշանակուեցաւ խորհրդարանի խօսնակ Ալեքսանտր Թուրչինովը, որ կը համարուի Ուքրանիոյ նախկին վարչապետ Եուլիա Տիմոշենքոյի «աջ ձեռքը»:







All the contents on this site are copyrighted ©.